2014-04-08 11:53:24

Ֆըանչիսկոս Քահանայապետ.` ''Առանց խաչի քրիստոնէութիւն մը գոյութիւն չունի''։


Երեքշաբթի, 8 ապրիլի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ` ''Առանց խաչի քրիստոնէութիւն մը գոյութիւն չունի''։ Ան ապա աւելցուց թէ խաչը յարդարանք մը չէ այլ Աստուծոյ սիրոյ խորհուրդն է։
Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ Քրիստոնէութիւնը փիլիսոփայական վարդապետութիւն մը չէ, այլ կեանքի օրակարգ մը որ խաղաղութեան կը դաստիրակէ։ Քրիստոնէութիւնը անձ մըն է որ ինքզինք ուրացաւ եւ իր կեանքը նուիրեց մեզ փրկելու համար, եւ քրիստոնէութիւնը կարելի է հասկնալ միայն Աստուծոյ Որդւոյն խոնարհեցումէն, մինչեւ մահ խաչին վրայ, ծառայելու համար։
''Առանց խաչի քրիստոնէութիւն գոյութիւն չունի եւ առանց Յիսուս Քրիստոսի խաչ մը իմաստ չունի'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, շեշտելով թէ ''Աստուծոյ փրկչագործութեան սիրտը` Անոր Որդին է, որ իր վրայ կրեց մեր բոլորին մեղքերը։ Քրիստոնեայ մը որ չի պարծենար խաչեալ Քրիստոսով չէ հասկցած ի՞նչ կը նշանակէ Քրիստոնեայ ըլլալը։
Խաչը – ըսաւ հուսկ Քահանայապետը – յարդարանք մը չէ որ խորաններու վրայ կը զետեղուի։ Խաչը խորհուրդ մըն է, Աստուծոյ սիրոյն խորհուրդը։ Մեղքերու թողութիւնը զոր Աստուած մեզի կը շնորհէ, կը գտնուի խաչին վրայ գտնուող Իր Որդւոյն







All the contents on this site are copyrighted ©.